|ակտուալ ա|
հրապարակված է 16.06.2019 | ա-ակտուալ արվեստ |
սահմանը տեսանելիին

«Սահմանը» ցուցահանդեսի միջոցառումների շրջանակում հունիսի 6-ին ժամը 19:00 Գյոթե կենտրոնում տեղի ունեցավ Մարկ Նշանեանի բանախոսությունը

Դարերու ընթացքին՝ Արեւմուտքը տարբեր ձեւեր որդեգրած է իր «սահման»ը փորձարկելու եւ փորձընկալելու, եւ ուրեմն իր «սահմանում»ը ծայրէն մտածելու համար։ Ո՞վ կար սահմանէն անդին։ 17րդ եւ 18րդ դարերուն՝ «վայրենի»ն։ 19րդ դարուն՝ Արեւելքը եւ արեւելեան «բնիկ»ը։ Որո՞ւն տրուած էր սահմանին վրայ հսկելու, «անդին» քննելու պարտականութիւնը։ Ճանապարհորդագրութեան։ Բանասիրութեան։ Միշէլ ֆուկոյի հետքերուն վրայ (բայց անշուշտ հակառակ ուղղութեամբ քալելով) Միշէլ դը Սերթօ եւ Եդուարդ Սայիդ ամէն ինչ ըսած են այդ մասին։ Գրեթէ ամէն ինչ։ Ինչո՞ւ «գրեթէ»։ Որովհետեւ ստիպուած ենք հարց տալու, թէ այսօր՝ 21րդ դարուն, բան մը մնացա՞ծ է Արեւմուտքէն անդին, Արեւմտուքէն դուրս։ Եւ ուրեմն Արեւմուտքը ունի՞ սահման մը։ Սահմանը անտեսանելի դարձած է։ Փոխարէնը՝ ունինք միայն «սփիւռքներ»։

Եւ սակայն կարծես թէ Արեւմտուքը պէտք ունի միշտ իր սահմանը վերընկալելու։ Որո՞ւն տրուած է այսօր վերընկալումի այդ տարօրինակ պարտականութիւնը, հիմա որ Դրսեցին մեր մէջ կը բնակի (կամ մենք՝ Դուրսը), հիմա որ Սահմանը անտեսանելի է։ Որո՞ւն կամ ինչի՞։ Անշուշտ՝ արուեստին։ Պարագայական չի կրնար ըլլալ այդպիսի դեր մը արուեստի՛ն յանձնուած ըլլալը։ Բանասիրութենէն ետք՝ արուեստին։ Բայց ինչո՞ւ։ Ինչո՞ւ արուեստին։ Ինչո՞ւ այսօր արուեստն է, որ սահմանուած է Արեւմուտքի անտեսանելի եւ աներեւոյթ սահմանը փորձելու, փորձարկելու եւ վերընկալելու։ Հարցումը կարծես թէ «փիլիսոփայական» զարգացում մը կը պահանջէ (ըսենք՝ Շելլինգի 1803ի Արուեստի փիլիսոփայութիւն դասընթացքէն, մինչեւ այսօր)։ Բայց կը պահանջէ նոյնքան ու աւելի՝ նկարագրական մօտեցում մը (ըսենք՝ արդիապաշտ արուեստներու կիրառումը քննելով)։ Իսկ եթէ միայն «սփիւռքներ» մնացած են, կա՞յ այսօր համապատասխան արուեստ մը, որ ի վիճակի ըլլայ վերընկալելու «տեսանելիին սահմանը»։

Այս բոլոր հարցերուն պիտի փորձենք անդրադառնալ (կամ ըստ կարելւոյն՝ հարցումներուն պատասխանել), հետեւելով ներսէն ու դուրսէն — Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն — քանի մը ժամանակակից արուեստագէտներու գործին։