|եւ|
հրապարակված է 16.10.2018 | մարկ նշանեան |
պատկերին խելագարութիւնը

Տղայ մը ուրեմն կը փորձէ սրբագրել հայրական կերպարին հասած վէրքը, վրէպը։ Կը փորձէ լուսանկարի վրայ «ռըթուշ» կատարել կամ լուսանկարը ընդօրինակել, աչքը «նորոգել»ով։


լուսանկար, սրբագրութիւն

Ներկայ բաժինը պիտի զբաղի հիմա Հալածուածները շարքին չորրորդ հատորով, եւ աւելի ճիշդ նախ՝ այդ հատորին մէջ 55էն մինչեւ 65 երկարող էջերով։ Վէպը կարելի է անշուշտ առանձին կարդալ, անգիտանալով անոր համածիրը։ Ըսեմ միայն որ երկու հարիւր էջի վրայ՝ Որբունի կը գրէ հոս մէկ օրուան պատմութիւնը։ Մինաս Մարսէյլ կը վերադառնայ, մօրը մօտ այցելութեան, իր ֆրանսացի կնոջ՝ Նիքոլին մահէն ետք (որ Ասֆալթի երկայնքին պատահած ու պատմուած է, եւ որուն թափանցիկ ակնարկութիւններ կան հոս)։ Առտուն կը հասնի, կը թափառի քաղաքին մէջ, իրիկունը՝ վերստին կը մեկնի։ Վէպին երկրորդ յատկանիշը այն է, որ ծայրէ ծայր՝ շարքին առաջին վէպին կրկնութիւնն է, անոր մէկ պատճէնը, եւ անշուշտ սրբագրութիւնը։ Մօրը մահը սրբագրել պէտք էր։

Մեր այս երրորդ գլուխը սակայն մէկ քով պիտի ձգէ համածիրը, մէկ քով պիտի ձգէ մինչեւ իսկ վէպին միւս տուեալները։ Պիտի պահէ միմիայն նշուած էջերուն մէջ տեղի ունեցող «սրբագրութեան» բնանիւթը։ Այդ էջերուն մէջ ի հարկէ՝ հանդիսատես կ՚ըլլանք Մինասի յուսահատ ճիգերուն հօր կերպարը սրբագրելու։ Վէպին մէջ տասը էջ տրամադրուած է այդ դրուագին։ Մինաս կը պատմէ այդտեղ, թէ ինչպէ՛ս տարիներ առաջ իր ձեռքը անցած էր հօր մէկ լուսանկարը, որուն մէջ մէկ աչքը լիովին աւրուած էր, եւ թէ ինչպէ՛ս փորձած է օրերով, շաբաթներով այդ աւերուած աչքը սրբագրել, կենդանացնել, վերանորոգել։ Մօտէն պիտի կարդամ հատուածին վերջին էջերը մանաւանդ։ Կ՚ուզեմ հասկնալ հոս, թէ ի՛նչ է այս հայրական կերպարը, թէ ինչո՛ւ աչքին աւերումը այդ յափշտակութիւնը կը պատճառէ որդիին մօտ, եւ թէ ինչո՛ւ «աննորոգելի» է ան, յանցանքին պէս աննորոգելի։ Եւ արդէն իսկ կը կռահենք, որ հօր աւերումը որդիին յանցանքն է։ Կամ հակառակը. որդիին յանցանքը հօր աւերումն է։

Տղայ մը ուրեմն կը փորձէ սրբագրել հայրական կերպարին հասած վէրքը, վրէպը։ Կը փորձէ լուսանկարի վրայ «ռըթուշ» կատարել կամ լուսանկարը ընդօրինակել, աչքը «նորոգել»ով։ «Հայրիկիս պատկերը նոյն տեղն է։ Սրահին պատուոյ տեղը, դիմացը բազմոցին, որուն վրայ նստեր են հիմա» (էջ 45)։ «Մայրիկիս ձեռքի շարժումին կը հետեւի նայուածքս ու անոր թեւն ի վեր ճամբուն վրայ կը հանդիպի հօրս նկարին։ Նկարը կրկին կը գրաւէ տեսողութեանս դաշտը։ Նկարը ես գծած եմ, սեւ մատիտով, երբ դպրոցական էի, լուսանկարին վրայէն տասը անգամ մեծցուցած, զոր մայրիկս պահած էր մեծ խնամքով» (էջ 51-52)։ Ընդօրինակումը հետեւած է լուսանկարի մը, որուն վրայ հօրը երկու աչքերէն մէկը սկսած էր ժամանակի ընթացքին մարիլ, տժգունիլ, վիրաւորուիլ, իր ճառագայթումը կորսնցնել.

Մոռցած դպրոցս ու դասերս, կը մաքառիմ փրցնել ժամանակին ճանկերուն առնուած աչքը եւ անոր վերադարձնել միւս աչքին կատարելութիւնը։ Խոշորացոյցով կը քննեմ անոր ստուերամած միջոցին մէջ աւրուած, կրծուած գիծերը, կարծես մուկերու խուժաններու կեր դարձած, եւ լոյսի խուսափուկ նշոյլները, որոնք չեն հպատակիր ծրագրիս։ Զանոնք ստկելու, մաքրելու ճիգերս ապարդիւն են։ Ինչ որ ալ ընեմ, միշտ նոյն մրուրը կու գայ հաստատուիլ անոնց ներքին ծալքերուն մէջ, յամառօրէն պահպանելով վիրաւոր աչքին թարախոտած վիճակը։ Երբեմն կը ձգեմ տրամադրութեանս տակ եղող տուեալները, կը թափառիմ անցեալին մէջ, յուսալով անկէ քաղել պէտք եղած ուժն ու տարրերը, յանուն ընդմիշտ կորստեան դիմող աչքին փրկութեան։[1]

Որդին կը փորձէ ուրեմն «փրկել աչքը», իր ուժերը կը կեդրոնացնէ «վիրաւոր աչք»ին վրայ։ Աչքը փրկելով, կ՚ուզէ հայրը փրկել սպառնացող քանդումէն։ «Աշխատանքս փտութեան մէջ ինկած աչքը փրկել էր» (էջ 65)։ «Փտած», «թարախոտած», «քստմնելի աւերում»ի մը ենթարկուած աչքին հետ՝ հայրական կերպարն է, որ պէտք է փրկել։ Անոր պէտք է վերադարձնել կեանք մը, «առողջութիւն» մը, որ թերեւս ալ՝ երբեք չէ ունեցած։ Բայց աչքը չի հպատակիր որդիի ջանքերուն, կը խուսափի սրբագրութենէն. աչքին աւերուածութիւնը աւելի ուժով է, աւելի տիրական է, քան թէ որդիին կամքը, աւելի խորունկ քան թէ վերանորոգումի բոլոր փորձերը։ Հայրը վերջնականապէս վիրաւոր է, քանի որ որդին չի կրնար զայն դարմանել։

Ասկէ սկսեալ՝ տող առ տող պիտի կարդանք գրուածը: [2]

Ա. կեղծ լուծումը

Խորքին մէջ՝ երկու պատկեր կայ մէջտեղը, ո՛չ թէ միայն մէկ պատկեր։ Երկուքէն մէկը եղծանուած է, միւսը՝ անեղծ։ Անեղծ մնացած պատկերը կը ներկայացնէ հայրը ֆետայական ծպտումով, ու «մաշումի կամ գունատման ո՛չ մէկ հետք կայ վրան» (էջ 55)։ Այդ մէկ պատկերը յափշտակութիւն չի պատճառեր սակայն, ու առաջին բացատրութիւնը որ կը տրուի այդ մասին՝ այն է, որ «հայրիկիս ֆետայական ծպտումը պարզ քմայքի մը արդիւնքը կրնար ըլլալ» (անդ)։ Քմայքի մը, եւ հետեւաբար՝ խաբելու կամեցողութեան մը։ Նկարին ցոյց տուածը կրնայ պատրանք ըլլալ։ Ի՞նչ է ցոյց տրուածը։ Հերոսութիւն, առնականութիւն, օրինակ մը։ Բայց կասկածելի։ «Թերեւս այդ պարագան ինծի նախընտրել տուած էր միւսը, իր քստմնելի աւերումով...» (էջ 55-56)։ Երկրորդ լուսանկարին մէջ՝ քանդում մը կը յայտնուի, ու հոս գործածուած բառերուն ուժը կը մատնէ այդ քանդումին էական հանգամանքը։ Այն է, որ սկիզբէն իսկ, առաջին մէկ պահէն, որդին կը փոխադրէ գրեթէ վերացած վիճակի մը մէջ։ Բայց այդ յափշտակութեան, այդ հմայափոխ քնածումին նշանակութիւնն ու տարողութիւնը յայտնի չեն տակաւին։ Կը հասկնանք միայն, որ վտանգաւոր քնածում մըն է։ Որդին կրնայ ընկղմիլ անոր մէջ, իր աչքը յառած հօր աւերուած աչքին, չձերբազատուիլ անկէ, ընդմիշտ։

Մայրը կը զգայ վտանգը ու կը միջամտէ։ «Այնքան մխրճուած էր աչքս անոր ներքին միջոցին մէջ, որ ի տես դէմքին փլուզումին՝ մայրիկս սկսած էր պատմել կոտրած ձայնով հօրս անցեալը»։ [3] Մօրը առաջին միջամտութիւնն է այս մէկը։ Մայրը կը տեսնէ փլուզումը, կը զգայ վտանգը որ կը սպառնայ որդիին, ու կը փորձէ տղան հեռացնել այդ վտանգաւոր յածումներէն։ Նախադասութիւնը, Որբունիական լեզուին յատուկ խախտումի մը պատճառով չ՚որոշեր թէ «փլուզումը» որո՞ւն դէմքին կը վերաբերի, հօ՞ր, թէ տղո՛ւն։ Էական անորոշութիւն, որուն իմաստը բացայայտ պիտի դառնայ հետզհետէ։ Մայրը ուրեմն կը փորձէ հոս առաջին անգամ ըլլալով՝ որդին փլուզումի մատնող յափշտակութիւնը կասեցնել։ Փորձը ձախող կ՚ելլէ, որովհետեւ մայրը կը կեղծէ այդտեղ անցեալը, «նենգութիւն մը կը գործէ» (էջ 56)։ Անցեալը այնպէս կը ներկայացնէ՝ ինչպէս թէ հայրը բանտ մտած ըլլար, հերոսներուն հետ շփում ունեցած ըլլար, ու իր կարգին՝ հերոսութիւն ցուցաբերած։ Որդիին կասկածոտ նայուածքին անդրադառնալով, անմիջապէս ետ կ՚առնէ «բանտէն ելլելէն վերջ» բառերով թելադրել ուզածը։ Պարզ է, որ այդ բառերով կ՚ուզէր կեղծիք մը պարտադրել, այսինքն՝ հայրական կերպարը կանգուն պահել որդիին աչքին, ու այդ կրնար ընել միմիայն նենգութեան մը միջոցաւ։ Չի՛ յաջողիր փորձը։ Հայրական կերպարը չի՛ փրկուիր, չի՛ վերանորոգուիր կեղծիքով։ Եւ սակայն որդիին մօտ ձգտումը կայ անշուշտ մօրը փրկութեան փորձին հաւատալու։ Այդ ձգտումն է, որ պատճառ կը դառնայ տղուն կողմէ մեկնաբանական հնարքի մը դիմումին։ Տղան կ՚եզրակացնէ, որ հօրը մօտ կար ֆետայի ըլլալու ցանկութիւնը, հերոսական, անպարտ գիծը։ Ամուսնութիւնն է, որ արգիլած է «հայրիկիս մուտքը հերոսական աշխարհին մէջ» (էջ 58)։ Իր մեկնաբանական արարքը յաջողցնելու համար, որդին «բանտէն ելլելէ վերջ» բառերը կը փոխարինէ «ամուսնանալէ վերջ»ով։ Հնարքը կը մօտեցնէ անցուդարձերու ճշմարտութեան թերեւս, բայց կը յաջողցնէ ուրիշ գործողութիւն մըն ալ։ Որդիին մտահոգութիւնը հօրը անպարտ դիմագիծը փրկելն է, որ կը նշանակէ նաեւ՝ իր որդիութիւնը փրկել։ Եթէ ամուսնութիւնն էր անպարտներու աշխարհէն ներս հօրը մուտքը արգիլողը, այն ատեն ինքը՝ որդին իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի պարտութեան մէջ, քանի որ ինքը այդ ամուսնութեան արդիւնքն է։ Առաջին եւ ահաւոր յարակարծիք մը ահաւասիկ. որդին իր ծնելովը՝ արգիլած է հօրը հայրութիւնը։ Ինչ որ պէտք է ընդունիլ՝ անլուծելի կացութիւն մըն է։ Այս ձեւով է, որ որդիին մէջ կը հաստատուի յանցանքի մը զգացումը։ Ինքն է հայրական կերպարի մաշումին պատասխանատուն։ Այդպէս չէի՞նք գուշակած վերը, ընթերցումը սկսելէ իսկ առաջ։ Հօր աւերումը որդիին յանցանքն է։ Որդիին յանցանքը հօր աւերումն է։

Ընթերցողը կրնայ խորհիլ, որ ես եմ հնարողը։ Բայց ուրիշ բան չեմ ըներ եթէ ոչ կէտ առ կէտ հետեւիլ Որբունիական վերլուծումին ու տրամաբանութեան. «Հետզհետէ կուտակուած յանցապարտութեան ապացոյցները անլուծելի կացութեան մը մէջ կը դնեն զիս» (էջ 58)։ Մայրը ո՛չ միայն չի կրնար փրկել հայրը իր պարտութենէն տղուն աչքին, այլ չի՛ կրնար փրկել նաեւ որդին իր յանցապարտութենէն հօրը հանդէպ։ Որդին կը լծուի իր աշխատանքին, կը խորանայ անոր մէջ։ Ի՛նքն է մաշումին պատասխանատուն։ Ի՛նքը պիտի լծուի սրբագրութեան գործին, որպէսզի ազատէ ե՛ւ ինքզինքը, ե՛ւ հայրը։ Որպէսզի լուծէ անլուծելի կացութեան հանգոյցը։

Բ. պատմութեան ժամանակը

Աւերումը կապ մը ունի ժամանակին հետ։ Վէպը քանիցս կը շեշտէ այս կէտը, բայց չի՛ տար բացատրութիւնը։ Կ՚ըսէ օրինակ. «Ժամանակի մաշումին չէր դիմացած» (էջ 54)։ «Ժամանակը իր հետեւողական եւ յարատեւ ռազմավարութեամբ կրցեր էր գրաւել կէտ մը [...] ուրկէ կը սկսի իր փլուզումին աշխատանքը» (անդ)։ «Դէմքը տեղի տուած է ժամանակի վանտալական յարձակումին» (էջ 55)։ «Նկարելիք լուսանկարը, որուն վրայ ժամանակը կը շարունակէ անդադար գործել իր աւերը...» (էջ 59)։ Առաջին պարագային (ժամանակի մաշումին չէր դիմացած), նորէն լեզուի յատկանշական խախտումի մը հետ գործ ունինք։ Յստակ է որ նախադասութիւնը ֆրանսերէն համապատասխան դարձուածքէն ընդօրինակուած է։ [4] Ըսուածը կը թելադրէ, որ ժամանակին պատճառած մաշումէն զատ՝ կայ թերեւս ժամանակին ալ մաշումը, ժամանակին կրած մաշումը։ Երկրորդ պարագային, յստակ է որ ժամանակը կ՚աշխատի ո՛չ միայն առարկայական պատկերը, կ՚ուզեմ ըսել՝ լուսանկարը, աւերելով, այլեւ հօր կերպարը եղծանելով։ Բայց մէջբերուած նախադասութիւնները արագ կարդալով, կարելի է խորհիլ ու հաւատալ, որ պատահածը պարզագոյն իմաստով՝ անցնող ժամանակի աւերումին ենթարկուած լուսանկարի մը մաշումն է։ Նուազ պարզագոյն իմաստով՝ կարելի է խորհիլ որ յիշողութեան հարց մըն է։ Շատ մը տուեալներ այս ուղղութեամբ կ՚երթան խնդրոյ առարկայ էջերուն մէջ։ Տղան կը մոռնայ հետզհետէ հօր դիմագիծը, կը փորձէ անցեալին մէջ վերադառնալ զայն վերագտնելու համար։ Այս մեկնաբանութիւնը արդարացնող տուեալները պէտք չունիմ մէջբերելու առանձին։ Պատկերի վերանորոգումը մոռացումին դէմ պայքար մըն է այս հաշուով, «անցեալ»ը հոս ընդունելով իբրեւ անձնականէն անդին եզր մը, քանի որ անոր մէջ կրնայ նաեւ հօր անցեալը պարփակուած ըլլալ։ Հնարաւոր է յիշողութեան ճիգ մը տեսնել հո՛ն ուր տղան, աչքերը գոց, կը փորձէ վերստեղծել «ինչ որ ժամանակին մշուշը թողած էր իր ոլորտներուն մէջ» (էջ 50), կամ երբ կ՚ըսէ. «Կը թափառիմ անցեալին մէջ, յուսալով անկէ քաղել պէտք եղած ուժ ու տարրերը...» (էջ 63)։ Պարզաբանումի փորձիս գլխաւոր նպատակն է սակայն ցոյց տալ, որ բաւական չէ «յիշողութեան» յղացքը, եւ մոռնալ-յիշել զոյգին վրայ հիմնուած ժամանակի ըմբռնումը, բացատրելու համար հոս կատարուածը։ Անցնող ժամանակը ի՞նչ կապ ունի հայրական կերպարին կրած աւերուածութեան հետ։ Յիշողութեան հիման վրայ բանաձեւուած պարզագոյն ըմբռնումը չի՛ սպառեր հատուածին նշանակութիւնը եւ ժամանակի միջամտութեան հարցը։

Եթէ փորձենք երեւոյթները ըմբռնել ըստ դիպուածական ժամանակին, այսինքն՝ այն ժամանակին որուն մէջ դէպքերը կը մոռցուին ու կը յիշուին, շփոթութեան մը զոհ կ՚երթանք, ճիշդ Եւ եղեւի Թովմասին պէս, երբ ան կը փախէր մօրմէն ու կը յանձնուէր բառերու ազատութեան։ Շփոթութեան մը զոհ կ՚երթանք, որովհետեւ յիշողութեան ժամանակին մէջ՝ հնարաւոր չէ վերադառնալ աւերին, հայրական կերպարի խաթարումին, Աղէտին մէջ սպասող վախճանին։ Ժամանակը կը շարունակէ գործել իր աւերը։ Կապ մը չենք ստեղծած այդ ձեւով սկզբնական աւերին հետ։ Որդին է որ պիտի ստանձնէ մեզի համար, մեր տեղը, այդ ահաւոր պարտականութիւնը՝ վերադառնալ աւերումին, ժամանակէն առաջ, Որբունի պիտի ըսէր՝ «ջրհեղեղէն առաջ»։ Որդիին նպատակը անշուշտ սկիզբը՝ աչքը փրկել է։ Հետզհետէ միայն պիտի անդրադառնայ որ աչքը չի փրկուիր։ Եւ այն ատեն պիտի ստիպւի դիպուածական այդ ըմբռնումը գլխիվայր շրջել։ Հարցը պիտի ըլլայ աւերը փրկել։ Աւերը փրկել ի միջի այլոց՝ դիպուածական ժամանակէն, պատմութեան ժամանակէն։ [5]

Գ. հոգեվերլուծական տարողութիւնը

Քիչ առաջ կը կարդայինք որ Մինաս, փրկելու համար «ընդ միշտ կորստեան դիմող աչքը», կը թափառէր անցեալին մէջ, անկէ կը բերէր անհրաժեշտ տարրերը, վերականգնումի աշխատանքը լրացնելու համար։ Աչքը վերականգնելու սահմանուած այդ աշխատանքը կը նմանի հոգեվերլուծական աշխատանքին, որուն մասին կ՚ըսուի աւելի վերը. «Սուզակի ճշմարիտ աշխատանք մը, որով կարելի ըլլայ ծովուն յատակը կորսուած նաւաբեկեալ գանձի մը բեկորները մաս առ մաս լոյս աշխարհին բերել» (էջ 59)։ Սովորական իմաստով յիշողութեան մը վերականգնումը չէ՛ այս գործը։ Յիշողութիւնը «լոյս աշխարհ» կը բերէ մոռցուածը, կը կազմաւորէ զայն։ Ծովուն տակը գտնուող բեկորները ո՞ր նաւաբեկումին կոտորակներն են։ Յստակ է որ «նաւաբեկեալ»ը յիշողութիւնն իսկ է, եւ ոչ թէ միայն յիշողութեան պարունակութիւնը։ Մոռցուած պատահարներ, դէպքեր կրնան յիշուիլ, կրնան մտնել անհատական կամ հաւաքական յիշողութեան մը մէջ, կրնան կազմել երբեմն «պատմութեան գիրքը» (էջ 65)։ Բայց երբ աւերուածը յիշելու կարողութիւնն իսկ է, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի հաւաքուին մոռցուածները։ Բեկորները քով քովի դնելով, կարելի չէ «նաւ»ը վերակազմել։ Ու «նաւաբեկում»ը՝ բնաւ երբե՛ք։ Եւ ինչպէս հոգեվերլուծական շարժընթացի պարագային՝ իսկական պայքար մը պէտք է հոս ալ, քանի որ «աւեր»ը կը գործէ մինչեւ այսօր, ու ամէն փորձ զայն սրբագրելու, անոր դէմ դնելու, կը վերակենդանացնէ ու կ՚ուժեղացնէ կարծէք զայն։ «Աւերը, որ հիմա աւելի մեծցած է աճապարանքով, կարծես խանգարելու համար վերանորոգման վճռականութիւնս...» (էջ 59)։

Որդիին ճիգերը ի դերեւ կ՚ելլեն։ Երկու անգամ ըսուած է։ «Աչքը իր լիութեամբ կապտելու փորձերս անյաջող կ՚անցնին» (էջ 64)։ Նոյն էջին վրայ երկրորդ անգամ կու գայ լիութեան վերաբերող այս դարձուածքը. «երբ այլեւս անկարելի էր նկարը հասցնել իր լրումին...»։ Փորձուածը ա՛յս է ուրեմն. պատկերին մէջ էական պակաս մը, պարապ մը լեցնել, պատկերը «լրացնել», բացակայութիւն մը սրբագրել։ Ինչ որ չափազանց մօտ է վերստին հոգեվերլուծական իմաստով ցնորական պատկերի կազմութեան։ [6] Լականեան բառապաշարով՝ պատկերին մէջ է, որ կ՚երեւի խորհրդանշականացման սկզբունքին աւերիչ բացակայութիւնը։

Որդին ուրեմն կ՚ընկղմի հայրական դէմքին հասած վէրքին մէջ, կը դառնայ վէրք իր կարգին, քնածումի եւ հմայափոխութեան վերջին աստիճանին, երբ յայտնի է այլեւս որ սրբագրութեան փորձը պիտի չյաջողի, փորձը արթնցուցած ըլլալով նաեւ աւերին ուժգնութիւնը եւ կործանիչ ուժը. «աչքերս միշտ յառած՝ ժամերով լուսանկարին մէջ վիրաւոր աչքին...» (էջ 64)։ Աչքը կը մերժէ լիութեամբ կապտուիլ։ Ինքն իր մէջ կը կրէ, կը բացայայտէ որդիին ձախողութիւնը։ Հոս է, որ կը պատահի անսպասելի ու աներեւակայելի դարձ մը, կարելի է ըսել՝ առաջին էաբանական պատահարը։ Այն պահուն իսկ՝ երբ որդին կը հրաժարի այլեւս լրումի ու լրացումի իր փորձէն, կը սկսի գրել։ «Այդ շրջանին՝ սկսայ ոտանաւորներ գրել» (անդ)։ Եւ նոյն էջին վրայ ա՛լ աւելի յստակ կերպով. «Այդպէս ինքնաբերաբար սկսայ գրել, երբ այլեւս անկարելի էր նկարը հասցնել իր լրումին»։ Ասիկա չի նշանակեր տակաւին, թէ որդին պատրաստ է աւերը ընդունելու։ Բայց գրելը բացայայտօրէն կը ծնի սրբագրութեան, Շահնուրեան բառով՝ «ռըթուշ»ի գործողութենէն, եւ այդ գործողութեան ձախողութենէն։ Գրելը կը ծնի երբ կերպարին աւերը կը յայտնուի որպէս անսրբագրելի։ Յայտնութիւնը կը կատարուի տեսանելիի դաշտէն ներս։

Երբ կը սկսի գրել, որդին կը գրէ անշուշտ հօրը մասին. «Գրածներս բոլորն ալ հօրս մասին կամ անոր ճակատագիրէն ներշնչուած էին»։ Կը գրէ մինչեւ իսկ հօրը մահը. «Կ՚երեւակայէի հորդաներ, սուրերը պատեաններէն հանած՝ յարձակում կու տային հօրս վրայ։ Հայրս, թէեւ անպաշտպան, կը դիմադրէր, յետոյ փախուստի ճամբան կ՚առնէր, բայց վայրագօրէն իր ետեւէն հասնող հարուածէն կ՚իյնար...» (անդ)։ Բայց այդ մահը միայն հօրը մահը չէ՛։ Նաեւ որդիին մահն է։ «Եւ կարծես ես ըլլայի խողխողուողը»։ Գրելը կը սկսի հօր մահուամբ, հօրը դէմ գործուած ոճիրով։ Հայալեզու արդի գրականութեան սկզբնաւորութիւնը նկատուած Աբովեանի Վէրք Հայաստանի վէպը ունի հանրածանօթ յառաջաբան մը, որուն առաջին էջին վրայ՝ կայ նոյնպէս որդիի պատմութիւն մը։ Հերոդոտոսէն փոխ առնուած Կրեսոս թագաւորի որդիին պատմութիւնն է։ Մանկութենէն ի վեր համր էր ան, երբեք չէր խօսած, բերանը չէր բացուած, մեծցած էր լեզուի արգիլումին անձնատուր։

Թշնամին կը յարձակի թագաւորութեան վրայ, ամէն ինչ կը կործանէ, վերջին ճակատամարտի ծայրագոյն պահն է, թշնամի զինուորը կը մօտենայ հօրը, սուրը կը քաշէ, պիտի մեռցնէ զինքը։ Եւ այդ պահուն՝ որդիին ձայնը կը լսուի։ Կը լսուի առաջին անգամ ըլլալով։ Կը պոռայ. «Հայրս է, թագաւորն է»։ Համր որդին յանկարծ կը սկսի խօսիլ, ու կը խօսի հօր մահը, անոր անվերադարձ կործանումը, բայց կը խօսի։ Իր ահռելի աղաղակը կ՚ընկերակցի ընդմիշտ, դարերու ընդմէջէն, հայրական կործանումին։ [7] Որբունիի մօտ, հայ գրականութեան միւս ծայրը, գրելու սկզբնաւորութիւնը կը գրուի նոյն ձեւով, գրեթէ բառ առ բառ։ Աւերը կը գործէ, գործած է արդէն իսկ լեզուին մէջ, որդին արգիլելով լեզուէն։ Աւերը կը գործէր Աղէտէն իսկ առաջ, բայց չէր յայտնաբերուած տակաւին։ Կը յայտնաբերւի վերջին պահուն, որդիին աղաղակով։ Գրելը հօր մահուան ընկերակցող աղաղակն է։ «Ահռելի աղաղակ մը կոկորդս կը լեցնէր» (էջ 64)։ Գրելը կը ծնի այն պահուն, երբ այլեւս ամէն ինչ կորսուած է, երբ հայրական թագաւորութիւնը կործանած է, եւ հօր կերպարը՝ ընդմիշտ աւերուած։ Աւերումին յայտնութիւնն է, ըլլալով միաժամանակ՝ աւերումին դէմ աշխատելու յուսահատ փորձը։ Գրելը այդ աղաղակն է, որով որդին իր խելագարեցնող հմայափոխութենէն կ՚արթննայ, իր խելացնոր լռութիւնը կը խզէ։ Գրելը կը ծնի կերպարի անսրբագրելի աւերումին մէջ։

Կերպարը անսրբագրելի է ըստ ինքեան, եւ ո՛չ թէ անձնական անկարողութեան մը պատճառով. «Պատճառը անկարողութիւնս չէր» (էջ 64)։ Նոյն բանը ըսուած է ուրիշ ձեւով. հայրը կը դիմադրէ սրբագրութեան, կը խափանէ որդիին աշխատանքը։ Հայրն է սրբագրելու անկարելիութեան դրդապատճառը։ Ան էր նոյնպէս քիչ առաջ՝ կերպարը վերանորոգելու կամեցողութիւնը դրդողը։ «Նկարին վրայ մատիտս անոր անտեսանելի ձեռքերով կը վարէր աշխատանքը։ Ինքն իր նկարը կը գծէր» (էջ 60)։ Հայրը կ՚որոշէ նուիրուիլ «վերստեղծման աշխատանք»ին, եւ նոյն հայրը յետոյ կը խափանէ որդիին աշխատանքը։ Ինչո՞ւ։ Եթէ վերանորոգման փորձը չկատարուէր՝ պարզ է, որ աւերին անսրբագրելիութիւնը երբեք երեւան պիտի չգար։ Հայրը կ՚ուզէ ուրեմն որ փորձը կատարուի, ինքն իր ձեռքով կը վարէ նոյնիսկ մատիտին շարժումները, որպէսզի փորձը յառաջանայ մինչեւ այն կէտը՝ ուր յայտնի պիտի դառնայ անսրբագրելիութիւնը։

Դ. փոխանակութիւնը

Այս կէտին հասած, կը պատահի անցքը դէպի գրուածքը։ Այդ անցքը երեք անգամ յիշուած է մէկ էջի վրայ։ Առաջին երկուքը արդէն յիշեցինք. «սկսայ ոտանաւորներ գրել...», «այդպէս ինքնաբերաբար սկսայ գրել...»։ Ահաւասիկ հիմա երրորդը. «Ու տեղի ունեցաւ գիծերու փոխանակութիւնը բառերով»։ (Ցնցիչ փորձառութիւն մըն է՝ տեսնելը որ գրողը արդէն իսկ ամէն ինչ վերլուծած է մեզմէ առաջ։ Կ՚առաջնորդէ մեզ քայլ առ քայլ խելագարութեան տանող ճանապարհին վրայ, ինչպէս հայրը կ՚առաջնորդէ որդին նոյն ճանապարհի երկայնքին։ Բայց այդ առաջնորդութեամբ՝ գրողը երեւան կը բերէ փարիզեան վէպին եւ անոր կատարած փորձընկալումին ճշմարտութիւնը։ Օրինակ հոս՝ բառերու եւ պատկերի այս փոխանակութիւնը կ՚արձագանգէ Շահնուրի Նահանջին մէջ Պիպիի եւ Պետրոսի միջեւ տեղի ունեցած «փոխանակութեան» տեսարանին։ Նոյն երեւոյթը Շահնուրի մօտ անշուշտ բացասական նշան մը կը կրէ, Որբունիի մօտ՝ դրական։ Շահնուրի մօտ՝ ախտանիշ է։ Որբունիի մօտ՝ բացայայտում։ Շահնուրի մօտ՝ դասական վէպին կրկնութիւնը։ Որբունիի մօտ՝ արդիական վէպին սկզբնաւորութիւնը:) Երբ երրորդ անգամ կը յիշուի այս անցքը, այս փոխանակութիւնը, կը ներկայացուի ան ո՛չ միայն որպէս նկարը սրբագրելու, անոր պակասը լրացնելու անկարելիութեան հետեւանք, այլեւ որպէս տղուն յամառութեան նշանը. «Չէի կրնար բոլորովին հրաժարիլ հետապնդած նպատակէս»։ Որդին կը փոխէ իր գործունէութեան ընթացքը, կը գրէ փոխանակ գծելու, բայց դեռ չէ ընդունած իր պարտութիւնը։ Լքած է նկարը, բայց չէ հրաժարած սրբագրելու կամեցողութենէն։ Հիմա՝ գրելո՛վ պիտի սրբագրէ։ Ու հոս վերջապէս ամբողջովին յստակ կը դառնայ որ զատորոշում մը պէտք է յարգէինք անպայման՝ լուսանկարին վրայ երեւցող հայրական դիմագիծերուն եւ անոնց տեսանելիութիւնը հիմնող հայրական կերպարին միջեւ։ Աւերուածը պարզ տեսանելի առարկայ մը չէ։ Բայց նոյնիսկ երբ գիծի եւ գիրի փոխանակութիւնը տեղի ունեցած է, որդին անմիջապէս չ՚անդրադառնար տակաւին որ աւերը սրբագրելի չէ։ Հետզհետէ պիտի յանձնուի այդ իրողութեան, պիտի ստանձնէ զայն, պիտի բերէ զայն թերեւս գիտակցութեան մակարդակին։

Ա՛յս է երկրորդ նշանակալից պատահարը ներկայ էջերուն մէջ։ Պատահարը ըսուած է մէկ նախադասութեամբ, ո՛չ աւելի. «... գիրերու փոխանակութիւնը բառերով, այն տարբերութեամբ ինչպէս նկատեցի յետոյ, որ բառերը փոխանակ շարունակելու վերանորոգիչ առաքելութիւնը...» (էջ 65)։ Նախադասութիւնը առ այժմ՝ կը կեցնեմ հոս։ Երկրորդ պատահարը այդ «նկատել»ուն մէջն է, տարբերութեան մը գիտակցառումն ու արձանագրութիւնն է։ Եթէ ուրեմն ամփոփել ուզենք յաջորդական պահերը, կը ստանանք հետեւեալը. ա) որդին կ՚ուզէ ազատագրել հայրական աչքը, բ) խենթենալու սեմին, աշխատանքը տանելով մինչեւ ծայրագոյն կէտը, կը սկսի գրել (առաջին պատահար), կը փորձարկէ սրբագրելու անկարելիութիւնը, բայց չ՚անդրադառնար անոր, գ) կը նկատէ անսրբագրելիութիւնը (երկրորդ պատահար)։ Ինքը կը կարծէր որ գրելով՝ պիտի շարունակէր «վերանորոգիչ առաքելութիւնը»։ Կը տեսնէ յանկարծ թէ ուրիշ բան է իր ըրածը, թէ բառերը իր վերանորոգումի ծրագրին չեն հպատակիր։

Հիմա կրնամ անցնիլ նախադասութեան երկրորդ կէսին։ Ի՞նչ կ՚ընեն ուրեմն բառերը, եթէ չեն հետեւիր վերանորոգիչ ծրագրին։ Կ՚արտաբերեն «ողբասացութիւն» մը։ Որբունի երեք անգամ կը գործածէ բառը տարբեր ձեւերով. «Ներսէն կ՚արտաբերէին ճառային կազմակերպութիւն մը, որ ողբասացութեան հետ կը շփոթւէր։ Բառերը զիս կ՚ենթարկէին իրենց, որոնցմէ միայն ողբ դուրս կու գար։ Ի հարկէ պարտութենէս ետք ինծի կը մնայ միայն ողբալ...»։ [8] Ողբը չի վերաբերիր մարմնացեալ հօր, այդ մէկը յստակ է։ Կը վերաբերի հայրական կերպարին, որուն անսրբագրելիութիւնը հիմա միայն երեւան կու գայ։ Ողբը հոս սուգ չի նշանակեր։ Կերպարին կորուստը աւելի ուժով է քան թէ սրբագրութեան փորձերը, աւելի ուժով է քան թէ սուգը։ Ո՛չ մէկ սուգ որ հաւասարէր այդ կորուստին։ Բառերը այլեւս պիտի չծածկեն անծածկելին։ Պիտի ընկերակցին կորուստին։ Պիտի ողբան պարտութիւնը պատկերին առջեւ։ Որդիին լեզուն կը բացուի, այո, ինչպէս Աբովեանի համր որդիինը, որդին դուրս կ՚ելլէ իր յափշտակուած ու հմայափոխ համրութենէն։ Գրական լեզուն կը ծնի որպէս ողբասացութեան հանդէս։

Ե. հօրը կամքը, յանցանքէն անդին

Հոս է որ կը ծագի նոր դժուարութիւն մը։ Ի հարկէ՝ ողբը կը հնչէ «որպէսզի դատապարտուած աչքը անջնջելի ամբաստանութիւն մը մնար» (էջ 65)։ Առաջին անգամը չէ որ այս բնանիւթը կ՚երեւի։ Նախորդ էջին վրայ կ՚ըսուէր՝ «աչքը կ՚ուզէր... շարունակել իր բողոքի աղաղակը»։ Ամբաստանութիւն, բողոք, ասոնք չեն համեմատիր ողբասացութեան հետ։ Եւ այսուհանդերձ՝ հօր կամեցողութեան եւ հօր խափանումին անմիջական հետեւանքներն են։ Պէտք է մնա՛յ աւերուած աչքին աւերուածութիւնը։ Պէտք չէ սրբագրուի։ Պէտք է տեսանելի դառնայ բոլորի աչքին, աշխարհի երեսին։ Հետեւաբար՝ հայրը կ՚ուզէ որ իր աչքը մնայ աւերուած։ Բայց ո՛չ միայն այդ։ Կ՚ուզէ որ աւերումը ցուցադրուի, աղաղակէ, դառնայ լսելի, բոլորին տեսանելի։ Ճիշդ է ուրեմն, որ որդիին լեզուն կը բացուի, ընկալելու, հնչեցնելու համար հայրական աւերումը իր մէջ, արձագանգելու, տեղ մը բանալու համար անոր, զայն զետեղելու համար իր մէջ։ Ճիշդ է, նաեւ որ ողբասացութեան պաշտօնն է՝ աւերումը լեզուին մէջ զետեղել։ Բայց ասոնք նկատի չեն առներ տակաւին ամբաստանութիւնը, որ աւելի ուժով է քան բոլոր մնացեալները։ Ոճիրը կը պահանջէ բողոք, դատապարտութիւն, հատուցում։ Եւ հոս է որ հարցը կը բարդանայ։ Լեզուն կրնայ բացուիլ մահուան։ Կրնայ ընդունիլ ու արձանագրել իր մէջ հայրերուն մահը, կամ ինչպէս պիտի ըսէր Ֆրէօյդ՝ սկզբնական կամ նախնական հօր մահը եւ մինչեւ իսկ՝ այդ մահուան յանցանքը, ստանձնուած որդիներուն կողմէ։ Այդ երեւոյթին վրայ հիմնուած են մարդկային ընկերութիւնները, եւ հաւանաբար՝ մարդկութիւնը որպէս այդ։ Բայց հոս հայրը չի բաւարարուիր այդքանով։ Սուգը, ողբը բաւարար չեն։ Որդիին յանցանքի զգացումն ալ բաւարար չէ։

Հո՛ս է, որ հայրական կամքը, հայրական կամքին իսկութիւնը երեւան կու գան վերջապէս։ Մինչեւ հոս չէինք հասկցած թէ հայրը ի՛նչ կ՚ուզէր որդիէն։ Չէինք հասկցած, թէ ինչո՛ւ տղուն ձեռքը ինքը կը կառավարէր, թէ ինչո՛ւ մատիտը ինքը կը բռնէր, թէ ինչո՛ւ իր նկարը ինքը կը գծէր։ Հայրը կ՚ուզէ որ վէրքը յաւիտենապէս բաց մնայ։ Հօրը կամքը՝ քանդումն է։ Եթէ սուգի աշխատանքը կատարւէր, եթէ նկարը ըլլար լրիւ, տղան պիտի կարողանար զանցել հօր կամքը։ Հայրը կ՚ուզէ ուրեմն քանդել տղուն աշխատանքը։ Եւ Որբունի կ՚ըսէ՝ «ահա պատճառը որով կը քանդէի աշխատանքս»։ Որդին հասած է հոս (եւ հոս միայն) քայքայումի ծայրագոյն աստիճանին։ Հօրը կողմէ դրուած քանդումի պարտադրանքը չէր զգացած, կամ չէր հասկցած մինչեւ այդ պահը, կը շարունակէր աշխատիլ, կը հաւատար որ իր աշխատանքը տեղ մը պիտի հասնէր, գծագրութեան կամ գրագրութեան ձեւին տակ։ Բայց երբ կ՚անցնի գիրի աշխարհին, բառերու տարածքին, կը քանդէ իր աշխատանքը ինքն իր ձեռքով, հետեւելով հօր պարտադրանքին։ Ուրեմն հայրը այդտեղ կ՚ուզէր հասցնել զինքը։ «Եւ մրոտած թուղթերս կը պատռէի, որովհետեւ...»։ Վերը կ՚ըսուէր՝ «ողբալ... որպէսզի դատապարտուած աչքը անջնջելի ամբաստանութիւն մը մնար»։ Եւ հիմա կը տեսնուի որ ա՛յդ իսկ անկարելի է։ Ո՛չ միայն սրբագրելը, այլեւ՝ անսրբագրելիութիւնը ողբալը։ Բայց ինչո՞ւ կարելի չէ։ Նախադասութիւնը կտրեցի «որովհետեւ»էն ետք։ «Իրեն հետ զիս կը քանդէր, կը զգայի որ կը քանդուէի» (էջ 65)։ Ահաւասիկ հայրական կամքը։ Որդին քանդել։ Որդին քանդուած տեսնել։ Հայրը կ՚ուզէ որդին խելագարեցնել։

Զ. ինքնազոհուիլ

Հայրը կ՚ուզէ որդին խելագարեցնել։ Այնքան ցնցիչ է այս եզրակացութիւնը, որ հիմա պէտք է ամէն ինչ սկիզբէն նկատի առնել, խելագարեցնելու այս կամեցողութիւնը ունենալով ի մտի։

Վերը կը կարդայինք տղուն մտավախութիւնը. «Կը խորհէի թէ անընդհատ ան խոյս պիտի տար մատիտիս հպումներէն, պիտի մերժէր անոր զինքը կապտելու կամքը...»։ Ու տեսանք, թէ հայրը զարմանալի կերպով բարեացակամ էր, կը գործակցէր տղուն հետ, ու «աշխատանքիս ընթացքին, ինծի կը թուէր նոյնիսկ թէ ան իր սեփական կամքով կը նուիրուէր վերստեղծման որոշումիս։ Կարծես ինքն էր աշխատանքը կատարողը։ Նկարին վրայ մատիտիս անոր անտեսանելի ձեռքերովը կը վարէր աշխատանքը։ Ինքն իր նկարը կը գծէր» (էջ 60)։ Ճիշդ է, որ հայրը երկդիմի էակ մըն է։ Մէկ աչքը առողջ՝ ապագային յառած, վայելչագեղ ու հերոսավայել։ Միւս աչքը՝ ժամանակին ու «կախարդ» լուսանկարիչին յառած (էջ 61-62)։ Բայց իր ամբողջ երկդիմութեամբ հանդերձ՝ հօրը կամքը մէկ է։ Հայրը կ՚աշխատակցէր վերանորոգումի փորձին, մինչեւ որ տղան հասնի հո՛ն ուր կ՚ուզէր հասցնել զինքը։ Հօրը կամքը աւերումին երեւան գալն էր, անոր փրկուիլը որպէս աւերում։ Որդին պէտք է ստանձնէր ուրեմն աւերումը, հօրը կամքով։ Այդ ընելու համար, պէտք է ստանձնէր նախ ամբաստանութիւնը։ Պէտք է մարմնաւորէր յանցանքի զգացումը։ Կրկնակի յանցապարտութեամբ մը։ Յանցաւոր է, որովհետեւ ի՛նքն է հօր քանդումին պատճառը։ Յանցաւոր է, որովհետեւ չէ կրցած պատկերը սրբագրել։ Բայց տեսանք որ յանցապարտութիւնն ալ բաւարար չէր։ Յանցանքն ալ բաւարար չէր։ Կերպարին աւերումը սուգի կարողութենէն վեր էր։ Որդին հետեւաբար պարտքին տակն էր ինքզինքը քանդելու, աւերումը այս անգամ իր անձին մէջ մարմնաւորելու։ Ու կը կրկնեմ՝ անշուշտ հո՛ս է որ հայրը կ՚ուզէր բերել որդին։ Խելքի պտոյտ յառաջացնող վիճակ մըն է։ Ինքնի՛ն յարակարծական ու հակասական վիճակ մըն ալ է, ի դէպ։ Որովհետեւ եթէ որդին հօրը կամքին հպատակելով՝ քանդէ ինքզինք ու պատռէ իր թուղթերը, բողոքը նորէն պիտի չլսուի, աւերումին ամբաստանութիւնը նորէն պիտի չարձանագրուի։ Բայց գոնէ հայրը գոհունակութիւնը ունեցած կ՚ըլլայ որդին խելագարեցնելու։ Այս տրամաբանութիւնը, այս խելագար վիճակը՝ Որդիին սովորական վիճակն է Սփիւռքի մէջ։

Որդիին կը մնայ ինքնաքանդումը։ Որդին այդ ահաւոր ճամբէն կ՚անցնի. կը կորսնցնէ լեզուն, այն պահուն իսկ երբ ան պիտի բացւէր, բացուած էր արդէն իսկ իրեն համար։ Պատկերին եղծանումը կարելի չէր ընկալել լեզուին մէջ, սուգի, ողբի, ողբերգութեան ձեւով։ Այս մէկն է Որբունիի վէպերուն ցուցաբերած խորագոյն փորձառութիւնը։ Որդին ինքզինք պէտք է քանդէ, ինքզինքը պէտք է զոհէ, իր վրայ առնելով աւերին-աղէտին ամբողջ յանցապարտութիւնը։ Որբունիին բառով՝ Որդին պէտք է «ինքնազոհուի»։ [9]

Կու տամ հիմա հատուածին ամբողջութիւնը, զոր վերը՝ կտրատ ձեւով մէջբերեցի, մէկ առ մէկ քակելով անոր մասնիկները, ու վերակազմելով ինքնազոհումի տրամաբանութիւնը։

Բառերը զիս կ՚ենթարկէին իրենց, որոնցմէ միայն ողբ դուրս կու գար։ Ի հարկէ պարտութենէս ետք ինծի կը մնար միայն ողբալ, ոչ թէ գօտեպնդուելու համար, այլ՝ որպէսզի դատապարտուած աչքը անջնջելի ամբաստանութիւն մը մնար։ Ահա պատճառը որով կը քանդէի աշխատանքս։ Աշխատանքս փտութեան մէջ ինկած աչքը փրկել էր։ Իրեն հետ զիս կը քանդէր։ Կը զգայի որ կը քանդուէի։ Եւ մրոտած թուղթերս կը պատռէի, որովհետեւ բառերը քայքայումս կը ներկայացնէին ինքնազոհման բնազդէ մը մղուած։ [10]

Յայտնի է այլեւս, որ թուղթերը պատռելը «ինքնազոհման» անխուսափելի հետեւանքն է։ Տղան հոս խելագարութեան կայսրութեան մէջ մտած է, ընկղմած է վէրքին մէջ։ Հայրական կամքը յաղթական ելած է, «իրեն նայող աչքը վէրքի վերածելով»։ Խելագարութիւնը կը սկսի երբ աչքը կ՚ընկղմի աչքին մէջ, ու չի շարժիր այլեւս։ «Ես նստած էի հօրս նկարին դիմացը, աչքերս անքթիթ բացած անոր պարտուած աչքին վրայ...»։ [11] Ասկէ անդին՝ ելք ու փրկութիւն չկայ։ Տղան վէրքը կը բանայ սրբագրութեան փորձով ու կը յանգի իր իսկ կործանումին, ինքնազոհման։

լեզուին դիակը

Վերլուծական ընթերցումը հոս կը կեցնեմ։ Ըսի որ նկարագրուածը Որդիին սովորական վիճակն է Սփիւռքի մէջ։ Եթէ սրբագրող-գրողը չյաջողի իր առաքելութեան մէջ, եթէ «պատկերակայական» եզրէն դէպի «խորհրդանշական» եզրը անցքն ալ ձախողի, այսինքն հոս՝ ողբասացութիւնը, այն ատեն, այո, «մեր պատմութեան գիրքը գոցուած պիտի նկատուէր»։ Ե՞րբ չի գոցուիր ուրեմն այդ գիրքը։ Ի՞նչ պայմանով պիտի չգոցուէր ան։ Գիծերուն տեղը, սրբագրութեան տեղը, գրուած են ողբ ու ողբասացութիւն։ Եւ սակայն լեզուն չէ դիմացած աւերին, քանդումը շարունակած է։ Ո՞րն էր պակսող պայմանը։

Վերջին պահուն, երբ որդին խելագարութեան սեմէն անցած է արդէն իսկ, երբ հայրը յաջողած է զինքը կործանել, այդ պայմանը յանկարծ կը յայտնուի, մօրը երկրորդ միջամտութեամբ.

Գիտե՞ս, ըսաւ մայրիկս քովէս, հայրիկդ ալ կը գրէր, բայց ան քեզի պէս չէր պատռեր գրածները։ Տարագրութենէն քանի մը օր առաջ, սնտուկով մը թաղեց մեր տան բակը։ Ով որ կը դառնայ, ասոնք կ՚առնէ, ըսաւ։ Մեզմէ ո՛չ մէկը վերադարձաւ հոն։ Հիմա փտած ըլլալու են։ Երկնքէն այնքան ջուր թափեցաւ անկէ ի վեր։ [12]

Այս միջամտութեամբ՝ որդին կարծես կը փրկուի։ Ինչո՞ւ։ Ըսեմ միայն որ Հալածուածները շարքին վերջին հատորը, եթէ գրուէր, պիտի կոչուէր Ջրհեղեղէն առաջ։ Որբունի յաճախ կը խօսէր այդ վէպին մասին, որ նուիրուած պիտի ըլլար ամբողջութեամբ հօր կերպարին։ Չգրեց այդ վէպը, եւ հաւանաբար՝ չկարենար գրել զայն։ Բայց պատկերը նոյնն է հոս ալ՝ մօր խօսքերուն մէջ. «երկինքէն այնքան ջուր թափեցաւ անկէ ի վեր»։ Ո՛չ մէկը պիտի վերադառնայ հոն։ Աւերը անվերադարձ է։ Բայց գրելու համար հայրական օրէնքին եւ հայրական կերպարին անվերադարձ աւերը, վկայ մը պէտք էր, վերջին վկայ մը։ Մայրն է, որ կը կատարէ հոս այդ պաշտօնը։ Ասկէ անդին՝ լեզուն կարենայ թերեւս իր մէջ արձանագրել հայրական կերպարին եւ ասոր հետ՝ ժամանակին իսկ ջրհեղեղային վերջաւորութիւնը։ Եթէ չարձանագրէր զանոնք, վրէպին նուիրուած վէպով, լուր պիտի չունենայինք վերջաւորութենէն։ Եւ ինչո՞ւ Որբունի հաւանաբար չկարենար գրել այդ վերջին վէպը։ Որովհետեւ լեզուն թաղուած է հո՛ն։ Պէտք է կարենար գրել թաղուած լեզուով, լեզուով մը՝ դարձած դիակ։ Ուրեմն՝ լեզուով մը որ ըլլար ինքն իր պատկերը։ Մինչեւ հո՛ն բերուած է հոս որդին Սփիւռքի մէջ։ Ատկէ անդին՝ որդիին գործն էր գրելը լեզուով մը որ ըլլար ինքն իր պատկերը։

Եդիպոս Արքան, երբ իր կատարած հետապնդումը վերջ կը գտնէ, երբ իր Ոճիրը եւ իր Պղծումները կը յայտնաբերուին, իր ձեռքով կը ծակէ, ուրիշներ կ՚ըսեն՝ կը պատռէ, կը հանէ իր աչքերը իրենց կոպիճներէն։ Իր արարքը հասած է մեզի, մաս կը կազմէ մեր յիշողութեան։ Մեզի հասած է հին աւերը։ Լեզուն այդ աւերուած ծագումին յիշողութիւնն է, պէտք է ըլլայ։ Բայց առասպելին կամ հարազատներուն ուղղուած ողբասացութեան ճամբով չէ՛ որ հին աւերը հասած է մինչեւ մեր ականջները։ Սոփոկլէսէն ի վեր՝ Ողբերգութիւնն է, այսինքն՝ արուեստի գործը որ կը վկայէ սրբազնական աւերին մասին։ Սոփոկլէսէն ի վեր, եւ մինչեւ Որբունի։ Յունական թատրոնէն ի վեր, եւ մինչեւ Հայոց Սփիւռքի վէպը։

Հատված Մարկ Նշանեանի Պատկեր, Պատում, Պատմութիւն, հ. 2, Ակտուալ արվեստ-Հովհաննիսյան ինստիտուտ, Երևան, 2016 հատորից